2008-12-16 08:35:20

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի 2009ի խաղաղութեան պատգամը` ընդհանուր համապատկեր մը աշխարհը հարուածող չարիքներու։


Համաշխարհականացումը ղեկավարելու եղանակը եւ քննադատութիւն ծննունդները սահմանափակելու ձախորդ քաղաքականութիւն, առանցքը կը կազմեն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի 2009ի խաղաղութեան պատգամին։ Սրբազան Քահայանապետի գնահատումով համաշխարհականացումը առանձին ի վիճակի չէ հաստատել խաղաղութիւնը երկրի վրայ։ Նոյնպէս սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ կը շ0շափէ երկրագունդի հրատապ հարցերը. ապազինումը եւ բարգաւաճումը, սննդառութեան տագնապը եւ սիտան։

Սրբազան Քահանայապետը խաղաղութեան պատգամին մէջ կը բաղձայ որ վերջ դրուի հարուստի ու աղքատի միջեւ գոյացող վիհին խնդրելով որ պատշաճ կարգադրութիւններ որդեգրուին այդ գայթղութեան։ Միաժամանակ կը դատապարտէ ծնունդներու սահմանափակումի քաղաքականութիւնը, որ չի յարգեր կեանքի իրաւունքի սկզբունքը։ Քահայանապետին համար աղքատութեան դէմ պայքարը կ՛ենթադրէ անհատներ որոնք խորապէս կ՛ապրին եղբայրակցութիւնը եւ կարող են ընկերանալու բոլոր անհատներու, ընտանիքներու ու հասարակութիւններու հասնելու ճշմարիտ մարդկային բարգաւաճումին։

համաշխարհականացումը ոչ միայն կարող չէ առանձին կերտել խաղաղութիւնը երկրի վրայ, այլ շատ մը պարագաներու մէջ պատճառ է բաժանումի ու ընդհարումի։ Համաշխարհականացումը կարիքը ունի ընթանալու զօրակցութեան սկզբունքի վրայ, եւ հետապնդելու անհատի ու բոլորին բարիքը։ Հարկ է որ բոլոր երկիրներուն հաւասարապէս կարելիութիւն տրուի մուտք ունենալու համաշխարհային շուկային։

Գալով ծնունդներու եւ կեանքի իրաւունքին, յաճախ մասնագէտները աղքատութիւնը կ՛առնչեն որդեծննդեան աճումին հետ։ եւ այդ ուղղութեամբ միջազգային հասարակութիւնը պայքար կը մղէ ծնունդներու սահմանափակումին առանց իսկ յարգելու' ո'չ կնոջ արժանաւորութիւնը եւ ոչ ալ' փեսային իրաւունքը ընտրելու թիւը զաւակներու։ Սրբազան պապին գնահատումով բնակչութիւնը հարստութիւն մըն է եւ ոչ թէ պատճառ' աղքատութեան։

Իսկ սիտայի հիւանդութեան դէմ ազդու պայքար մը մղելու համար Սրբազան Քահանայապետը կ՛առաջարկէ որեդեգել քարոզչութիւն մը դաստիարակելու մարդիկը եւ մասնաւորապէս նոր սերունդը սեռականութեան մը, որ ''պատշաճ ըլլայ'' անհատին արժանաւորութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.